Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 39

Խաղաղութիւնը մեր ժառանգութիւնն է

Խաղաղութիւնը մեր ժառանգութիւնն է

(Յովհաննէս 14։27)

1. Փա՜ռք միութեան Աստուծոյն

Հայր Եհովային։

Պիտ’ բերէ խաղաղութիւն,

վերջ տայ կռիւին։

Իշխանը խաղաղութեան՝

Քրիստոս, Իր Որդին,

պատերազմին մէջ արդար,

պիտ’ յաղթէ Չարին։

2. Մեր խօսքերով չխոցենք,

չվիրաւորենք.

սուրերէն խոփեր շինենք,

խաղաղ կեանք վարենք։

Խաղաղութիւն պահպանենք

ու ներող ըլլանք։

Յիսուսի ոչխարներն ենք,

իրեն պէս ըլլանք։

3. Աղօթքով՝ արդարութեան

պտուղն ստանանք,

որ վերին իմաստութեան

մասն է անբաժան։

Թող տեսնեն թէ խաղաղ ենք,

ճիշդ է մեր ճամբան. . .

Շուտով խաղաղ պայմաններ

պիտ’ բերէ Արքան։