Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 12

Խոստացուած յաւիտենական կեանքը

Խոստացուած յաւիտենական կեանքը

(Սաղմոս 37։29)

1. Աստուած մեզի խոստացած է՝

անվերջ կեանք նոր երկրի մէջ։

Պիտ’ բնակին արդարները

շքեղ դրախտի մէջ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Կրնա՛նք յաւերժ ապրիլ,

կ’արժէ ջանք թափել միշտ։

Եահն ի՛նչ խոստացած է,

պիտի կատարէ։

2. Պիտի տեսնենք թէ երկիրը

սքանչելի դրախտ է։

Աստուած այդ խաղաղութիւնը

հաճոյքով պիտ’ բերէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Կրնա՛նք յաւերժ ապրիլ,

կ’արժէ ջանք թափել միշտ։

Եահն ի՛նչ խոստացած է,

պիտի կատարէ։

3. Երբ սկսի յարութիւնը,

ցաւն ու վիշտը պիտ’ անցնին։

Եւ ամէնուն արցունքները

պիտ’ սրբէ Եահն ընդմիշտ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Կրնա՛նք յաւերժ ապրիլ,

կ’արժէ ջանք թափել միշտ։

Եահն ի՛նչ խոստացած է,

պիտի կատարէ։