Երգ 32
Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք
1. Ազգերը վախով, ահով լեցուած են.
ապագան ի՛նչ կը պահէ՝ տեղեակ չեն։
Անսասան, անշարժ պէտք է ըլլանք մենք
եւ Աստուծոյ ծառայենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Պէտք է հաստատուն ըլլանք,
այս չար աշխարհէն խոյս տանք.
Խօսքն Աստուծոյ սերտենք եւ ուղղամիտ մնանք։
2. Թող որ իմաստուն, ողջամիտ ըլլանք,
այս աշխարհի թակարդները չիյնանք։
Եթէ խօսքերն Աստուծոյ կիրարկենք,
այս աշխարհին պիտ’ յաղթենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Պէտք է հաստատուն ըլլանք,
այս չար աշխարհէն խոյս տանք.
Խօսքն Աստուծոյ սերտենք եւ ուղղամիտ մնանք։
3. Թող որ պաշտենք Եահը ամբողջ սրտով
ու ծառայենք՝ լուրը քարոզելով։
Թող բարի լուրն ամէնուրեք լսուի.
վերջը մօտ է աշխարհի։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Պէտք է հաստատուն ըլլանք,
այս չար աշխարհէն խոյս տանք.
Խօսքն Աստուծոյ սերտենք եւ ուղղամիտ մնանք։
(Տե՛ս նաեւ Ղուկ. 21։9. Ա. Պետ. 4։7)