Երգ 87
Հիմա մէկ մարմին ենք
1. Ինք վերջապէ՜ս ոսկորէս է,
նաեւ մարմինէս մարմին մըն է։
Աստուած կողակից մը տուաւ.
այլեւս մինակ չեմ։
Մենք իրարու կը պատկանինք,
եւ մէկ մարմին ենք՝ մէկ ընտանիք։
Ուրախացնենք Արարիչը
եւ միութեամբ ապրինք։
Ամէն օր Աստուծոյ ծառայենք։
Սէրը շա՜տ հզօր
եւ անվերջ է՝ հաստատենք։
Երջանկացնել մենք խոստացանք.
սիրենք զիրար եւ յարգանք ցոյց տանք։
Թող միշտ պատուենք Տէր Եհովան.
իրարու հետ յաւերժ մնանք։
(Տե՛ս նաեւ Ծն. 29։18. Ժող. 4։9, 10. Ա. Կոր. 13։8)