Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 31

Մենք Եհովայի վկանե՛րն ենք

Մենք Եհովայի վկանե՛րն ենք

(Եսայի 43։10-12)

1. Մարդիկ կը շինեն կուռքեր,

ճշմարիտ Տէրն չեն գիտեր։

Եահն Ամենակալ է.

ունինք շատ փաստեր։

Չաստուածները չեն կրնար

մարդոց ապագան գիտնալ։

Ի՞նչ վկաներ պիտի հաւաքեն,

որ ինքզինքնին արդարացնեն։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Վկաներն ենք մենք Եահի,

կը քարոզենք քաջարի։

Մերն է Աստուածը ճշմարտութեան,

ան կը տեսնէ ապագան։

2. Աստուծոյ անունը մենք

պանծանքով կը սրբացնենք.

լուրը խիզախութեամբ

կը ծանուցանենք։

Ուրեմն մարդոց օգնենք,

որ Եահի ճամբան ընտրեն։

Երբ իրենց հաւատքը զօրացնեն,

մեզի հետ պիտի գովերգեն։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Վկաներն ենք մենք Եահի,

կը քարոզենք քաջարի։

Մերն է Աստուածը ճշմարտութեան,

ան կը տեսնէ ապագան։

3. Աստուծոյ մասին պատմենք,

վե՛հ անունը հռչակենք։

Ո՛վ որ զայն կ’անարգէ,

նախազգուշացնենք։

Ան ներում պիտի ստանայ,

եթէ Աստուծոյ դառնայ։

Այսպէս վկայելով կու տանք լոյս՝

յաւիտենական կեանքի յոյս։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Վկաներն ենք մենք Եահի,

կը քարոզենք քաջարի։

Մերն է Աստուածը ճշմարտութեան,

ան կը տեսնէ ապագան։