Երգ 129
Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք
1. Երկար դարեր մարդկութիւնը կը խարխափէ
եւ զուր տեղը կը ջանայ հովը բռնել։
Մեղքը մարդիկն ամբողջութեամբ պատած է.
կարելի չէ զիրար ազատել։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Ուրախութեամբ Աստուծոյ գովերգենք։
Արքայութիւնը կը տիրէ. անվախ ենք։
Որդին շուտով չարիքը պիտ’ ջնջէ։
Այս յոյսը խարիսխ է. զայն ամո՛ւր բռնենք։
2. Կը հռչակենք. «Աստուծոյ մեծ օրը մօտ է»։
Ա՛լ պիտ’ չըսեն մարդիկը. «Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ. . . »։
Տէր Եհովան շուտով պիտ’ ազատագրէ
հառաչող մարդկութիւնը մեղքէն։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Ուրախութեամբ Աստուծոյ գովերգենք։
Արքայութիւնը կը տիրէ. անվախ ենք։
Որդին շուտով չարիքը պիտ’ ջնջէ։
Այս յոյսը խարիսխ է. զայն ամո՛ւր բռնենք։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 27։14. Յվլ. 2։1. Ամբ. 1։2, 3. Հռով. 8։22)