Երգ 122
Միլիոնաւոր եղբայրներ
1. Միլիոնաւոր եղբայրներ ենք.
փառք կու տանք Աստուծոյն։
Մենք ուղղամիտ, անեղծ ենք,
հաւատարիմ, տոկուն։
Հազարներով կազմած ենք
այս բազմութիւնը մեծ։
Տէր Եհովան կը գովաբանենք
մեր սրտերով անկեղծ։
2. Միլիոնաւոր եղբայրներ ենք.
անվերջ կը քարոզենք։
«Բարութեան աւետիս»ը
մարդոց կը հասցնենք։
Եթէ քարոզչութեան մէջ
նեղութիւններ կրենք,
մտաբերենք որ Յիսուս Քրիստոս
մեզ միշտ կը թարմացնէ։
3. Միլիոնաւոր եղբայրներ ենք,
անկեղծ ենք, անձնուրաց.
գիշեր–ցերեկ կը պաշտենք
մեր Պահապանն՝ Աստուած։
Թագաւորութեան լուրը
ամէնուր կը յայտնենք։
Մենք Աստուծոյ գործակիցն եղանք.
միշտ ծառայենք իրեն։
(Տե՛ս նաեւ Եսա. 52։7. Մատ. 11։29. Յայտ. 7։15)