Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 120

Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

(Ղուկաս 11։28)

1. Ցոյց տանք թէ մենք Քրիստոսին մտիկ կ’ընենք.

իր ուսուցումներուն լոյսով քալենք։

Կ’ուրախանանք մինչ գիտութիւն կ’ամբարենք,

պիտ’ օրհնուինք եթէ զայն կիրարկենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մտիկ ըրէ, օրհնուէ,

Եահի կամքը կատարէ։

Հանգիստն իր մտնելու համար լսէ,

հնազանդէ, օրհնուէ։

2. Մեր կենցաղէն պաշտպանութիւն կը գտնենք,

երբ զայն վէմի վրայ կառուցանենք։

Եթէ Որդւոյն խօսքերը միշտ կիրարկենք,

ժայռանման հաւատքով կը քալենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մտիկ ըրէ, օրհնուէ,

Եահի կամքը կատարէ։

Հանգիստն իր մտնելու համար լսէ,

հնազանդէ, օրհնուէ։

3. Ճիշդ ինչպէս որ ջուրի առուակներու քով,

ծառ մը հարուստ կ’ըլլայ պտուղներով.

Եհովայի Խօսքին հնազանդելով,

պիտ’ օրհնուինք, յաւերժական կեանքով։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մտիկ ըրէ, օրհնուէ,

Եահի կամքը կատարէ։

Հանգիստն իր մտնելու համար լսէ,

հնազանդէ, օրհնուէ։