Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 132

Յաղթանակի երգ մը

Յաղթանակի երգ մը

(Ելից 15։1)

1. Եահին գովերգենք։ Իր մեծ անունը փառաւոր է։

Ան ձին ծովը նետեց՝ հեծեալին հետ միասին։

Փա՛ռք տանք Եահին մենք. Բարձրեալն է եւ Ամենակալն է։

Տարաւ մեծ յաղթանակ։ Անունն իր Եհովա է։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհո՛վա, դուն շուտով պիտ’ գործես,

թշնամիներդ պիտի կործանես։

Դուն անփոփոխ ես. մեզ պիտ’ պաշտպանես,

անունդ պիտի սրբացնես։

2. Բոլոր ազգերը կը հակառակին Գերիշխանին.

սակայն ամօթալի պարտութիւն պիտի կրեն։

Արմագեդոնին իրենց վախճանին պիտի հասնին։

Շուտով պիտի գիտնան, թէ Եհովան է Աստուած։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհո՛վա, դուն շուտով պիտ’ գործես,

թշնամիներդ պիտի կործանես։

Դուն անփոփոխ ես. մեզ պիտ’ պաշտպանես,

անունդ պիտի սրբացնես։