Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 77

Ներողամիտ ըլլանք

Ներողամիտ ըլլանք

(Սաղմոս 86։5)

1. Տէր Եհովան զոհեց

իր Որդին՝ սիրայօժար,

որ ներուին մեր յանցանքները,

մահը չքանայ իսպառ։

Եթէ իրապէս կը զղջանք

եւ ներում ալ կը խնդրենք,

փրկանքին հիման վրայ Ան

մեր մեղքերը պիտ’ ջնջէ։

2. Եհովան կը ներէ,

եթէ իրեն պէս վարուինք,

եւ ազատօրէն ներելով

սէր յայտնենք ու կարեկցինք։

Իրարու միշտ համբերելով՝

մէկզմէկ չնեղացնենք։

Բարութիւն ցուցաբերելով՝

մեր եղբայրները պատուենք։

3. Մենք բոլորս պէտք է

մշակենք ողորմութիւն,

որպէսզի ջանանք չնեղուիլ,

չտածել ատելութիւն։

Աստուծոյ անսպառ սէրը

եթէ ընդօրինակենք,

այն ատեն մենք ճշմարտապէս

իրեն պէս պիտի ներենք։