Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 109

Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին

Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին

(Եբրայեցիս 1։6)

1. Ողջունե՛նք Օծեալը՝

Եահի անդրանիկ Որդին,

որուն իշխանութիւնը

արդար է, օրհնութեամբ լի։

Փառքով ու վայելչութեամբ

ան պիտի սրբացնէ

Եհովայի անունը

եւ Զինք ջատագովէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ողջունե՛նք Օծեալը,

Եահի անդրանիկ Որդին։

Սիօն լերան վրայէն

կը թագաւորէ Որդին։

2. Ողջունե՛նք Օծեալը,

որ վճարեց փրկանքը։

Մեռաւ որպէսզի ապրինք

եւ ներուին մեր մեղքերը։

Շուտով Քրիստոսն ու հարսը

Եահի իշխանութեան

իրաւացի ըլլալը

փաստած պիտի ըլլան։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ողջունե՛նք Օծեալը,

Եահի անդրանիկ Որդին։

Սիօն լերան վրայէն

կը թագաւորէ Որդին։