Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 62

Որո՞ւ կը պատկանինք

Որո՞ւ կը պատկանինք

(Հռովմայեցիս 14։8)

1. Որո՞ւ կը պատկանիս,

որո՞ւ կը հնազանդիս։

Տէրդ կ’ըլլայ անիկա՝ որուն

կը ծառայես, կը պաշտես դուն։

Երկու աստուածներու

դուն չես կրնար ծառայել,

անձդ նուիրել ու երկրպագել

եւ երկուքը հաճեցնել։

2. Որո՞ւ կը պատկանիս,

որո՞ւ կը հնազանդիս.

անոր որ կե՞ղծ է, թէ ոչ անոր

որ ճշմարիտ է եւ հզօր։

Արդեօք այս աշխարհի

կայսրի՞ն պիտի ծառայես,

թէ ոչ պիտ’ պաշտես Աստուած մշտապէս,

եւ կամքն Անոր կատարես։

3. Որո՞ւ կը պատկանիմ.

Եահի՛ն կը հնազանդիմ։

Ես միշտ Աստուծոյ կը ծառայեմ

եւ ուխտերս կը կատարեմ։

Գնեց զիս սուղ գնով.

Եահին ես նուիրուած եմ։

Ան Որդին զոհեց, փրկա՛նք հայթայթեց.

անունն Իր պիտի պատուեմ։