Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 117

Պէտք է Եհովայէն սորվինք

Պէտք է Եհովայէն սորվինք

(Եսայի 50։4. 54։13)

1. Եկո՛ւր եւ ցնծութեամբ Եահի մասին սորվէ։

Հոգին կ’ըսէ. ‘Կենաց ջուրէն խմէ’։

Աստուած կերակուր միշտ կը հայթայթէ,

կը խրատէ, նաեւ կը սորվեցնէ։

2. Մէկտեղ հաւաքուիլը բնաւ չթողունք մենք։

Ճշմարտութիւնը պէտք է իւրացնենք։

Հոս սուրբ հոգին կայ. իրարու օգնենք

եւ միասնաբար սորվինք, ոյժ առնենք։

3. Թող որ մեր շրթունքը Եահը փառաբանէ,

իսկ մեր լեզուն քաղցր խօսքեր ըսէ։

Եղբայրութիւնը շա՜տ գեղեցիկ է.

մէկտեղ հաւաքուիլը մեր փափաքն է։