Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 52

Սիրտդ պահպանէ

Սիրտդ պահպանէ

(Առակաց 4։23)

1. Քու սիրտդ՝ կեանքդ, պահպանէ.

մեղքերէ խուսափէ։

Աստուած կը կարդայ սիրտը մեր.

զայն անարա՛տ պահէ։

Անյուսալի է սիրտը մեր

եւ կրնայ մեզ խաբել։

Ուստի ջանա՛ մտքովդ զայն

ուղղել, առաջնորդել։

2. Քու ամբողջ սիրտդ պատրաստէ՝

Եահին աղօթելով։

Շնորհակալութիւն յայտնէ՝

զինք փառաբանելով։

Քու հոգերդ իրեն պատմէ

եւ օգնութիւն խնդրէ։

Հաւատարիմ սիրտ մշակէ,

Եահին հնազանդէ։

3. Վնասակար խորհուրդներէ

քու սիրտդ պահպանէ։

Ինչ որ ճշմարիտ, արդար է,

ատոնց մասին խորհէ։

Աստուած արդարը կը սիրէ.

Իր Սուրբ Խօսքը սերտէ։

Ամբողջ սրտովդ զինք պաշտէ.

ան Բարեկամդ է։