Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 103

‘Տունէ տուն’

‘Տունէ տուն’

(Գործք 20։20)

1. Միշտ տունէ տուն եւ դռնէ դուռ

պատգամը տարածենք.

եւ գիւղէ գիւղ ու դաշտէ դաշտ

ոչխարներն կերակրենք։

Արքայութեան բարի լուրը,

ինչպէս Յիսուս յայտնեց,

համայն աշխարհ կը քարոզեն

վկաներն՝ փոքր ու մեծ։

2. Միշտ տունէ տուն եւ դռնէ դուռ

փրկութիւն հռչակենք.

Աստուած զայն պիտ’ տայ անոնց, որ

անունն իր կը կանչեն։

Բայց ի՞նչպէս կանչեն անունը

Անոր զոր չեն ճանչնար։

Թող որ մարդոց յայտնենք Եահի

անունը անդադար։

3. Ուստի երթա՛նք միշտ դռնէ դուռ,

Սուրբ Խօսքը քարոզենք։

Մարդիկ լսեն թէ առարկեն,

իրե՛նք պիտի ընտրեն։

Ճշմարտութիւնը փառաւոր

ամէն տեղ հռչակենք։

Մինչ դռնէ դուռ կը վկայենք,

ոչխարներ պիտ’ գտնենք։