Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 7

Քրիստոնէական նուիրում

Քրիստոնէական նուիրում

(Եբրայեցիս 10։7, 9)

1. Եհովան մեր Արարիչն է,

երկինքն ստեղծած է,

չքնաղ այս մոլորակը մեր՝

կեանքով լեցուցած է։

Տուած է կենդանութեան շունչ,

բոլոր մարդոց փաստած՝

որ փառքն ու պատիւը առնելու

արժանի է յաւիտեան։

2. Արդարութիւն կատարելով

Յիսուս մկրտուեցաւ։

‘Եկայ որ կամքդ կատարեմ’,

ան աղօթեց սրտանց։

Իսկոյն ջուրէն դուրս գալով՝ ան,

որպէս օծեալ Որդի,

սիրով ծառայեց, մտիկ ըրաւ

իր Հօրը՝ Եհովային։

3. Մօտենալով քեզի, ո՛վ Եահ,

անուանդ կը կառչինք.

ուրանալով ընթացքը հին՝

քեզի կը նուիրուինք։

Մեզ սիրելով՝ դուն զոհեցիր

քու միածին Որդիդ։

Մեր կեանքը չի պատկանիր մեզի,

այլ՝ քեզի, Հա՛յր թանկագին։