Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 17

Օ՛ն յառաջ, ո՛վ Վկաներ

Օ՛ն յառաջ, ո՛վ Վկաներ

(Ղուկաս 16։16)

1. Այժմ Վկաներն ամուր ու հաստատ են,

Եահի պատգամին աջակցելու պատրաստ են։

Թէեւ Սատանան մեզ կը ծաղրէ,

անվեհեր կը քարոզենք, Եահը կ’օգնէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Արդ՝ Վկաներ, օ՛ն յառաջ, սրտերնիդ ամուր՝

ցնծութեամբ պատմեցէք աւետիսն ամէնուր։

Ըսէ՛ք, որ դրախտը շուտով պիտ’ հաստատուի՝

բերկրանքով եւ օրհնութիւններով լի։

2. Եահի զինուորներն ենք, դիւրին կեանք չունինք,

զիջում պիտի չընենք այս աշխարհին մէջ պիղծ։

Միշտ կը ձգտինք անարատ ըլլալ.

նուիրուած եւ ուղղամիտ պիտի մնանք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Արդ՝ Վկաներ, օ՛ն յառաջ, սրտերնիդ ամուր՝

ցնծութեամբ պատմեցէք աւետիսն ամէնուր։

Ըսէ՛ք, որ դրախտը շուտով պիտ’ հաստատուի՝

բերկրանքով եւ օրհնութիւններով լի։

3. Մարդիկ Արքայութիւնը կ’արհամարհեն,

Եհովայի սուրբ անունը կը զրպարտեն։

Ուստի սրբացնենք վեհ անունը,

զայն տարածենք երկրագունդի չորս կողմը։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Արդ՝ Վկաներ, օ՛ն յառաջ, սրտերնիդ ամուր՝

ցնծութեամբ պատմեցէք աւետիսն ամէնուր։

Ըսէ՛ք, որ դրախտը շուտով պիտ’ հաստատուի՝

բերկրանքով եւ օրհնութիւններով լի։