Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 137

Մեզի համարձակութիւն տուր

Մեզի համարձակութիւն տուր

(Գործք 4։29)

  1. Բազմաթիւ հակառակորդներ

    Կը փորձեն մեզ անարգել,

    Երբ ջանանք Թագաւորութեան

    Բարի լուրը տարածել։

    Բայց ինչո՞ւ վախնանք մարդէն.

    Պէտք է քեզի՛ մտիկ ընենք։

    Կ’աղաչենք, ո՛վ Տէր, սուրբ հոգիդ տուր։

    Ջերմեռանդ սրտով կ’աղօթենք։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Մեզի համարձակութիւն տուր,

    Որ մեր վախը փարատենք։

    Քաջութիւն, վստահութիւն տուր,

    Որ ամէն տեղ քարոզենք։

    Արմագեդոնը շատ մօտ է.

    Համարձակ սիրտ մը շնորհէ,

    Որ երթանք եւ աւետիսը

    Ծանուցանենք։

  2. Ատեններ թերեւս վախնանք.

    Հա՛յր, յիշէ որ հող ենք մենք։

    Խօսքերուդ կ’ապաւինինք, երբ

    Հալածանք դիմագրաւենք։

    Եւ հիմա, ո՜վ Տէր, նայէ.

    Մեզ կ’անարգեն ու կը սպառնան։

    Կը խնդրենք, ո՛վ Հայր մեր Եհովա,

    Քաջութիւն տուր որ չվախնանք։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Մեզի համարձակութիւն տուր,

    Որ մեր վախը փարատենք։

    Քաջութիւն, վստահութիւն տուր,

    Որ ամէն տեղ քարոզենք։

    Արմագեդոնը շատ մօտ է.

    Համարձակ սիրտ մը շնորհէ,

    Որ երթանք եւ աւետիսը

    Ծանուցանենք։

(Տե՛ս նաեւ Ա. Թես. 2։2. Եբ. 10։35)