Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 145

Պատրաստուինք քարոզելու

Պատրաստուինք քարոզելու

(Երեմիա 1։17)

  1. Լո՛յսն ելաւ. . .

    Եւ մենք հիմա

    Պիտ’ երթանք քարոզելու։

    Բայց ամպոտ օդ է

    Եւ անձրեւ պիտ’ տեղայ. . .

    Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ պառկած մնանք,

    քնանանք։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Թող դրական միտքեր պահպանենք,

    Հօր աղօթքով դիմենք

    Եւ մեր սիրտը կանխաւ պատրաստենք,

    Որ ոյժ առնենք։

    Եհովան եւ Յիսուս մեզ կ’ուղղեն.

    Հրեշտակն ալ կ’օգնէ։

    Մեր կողքին կան քոյրեր, եղբայրներ։

    Մենք մինակ չենք։

  2. Շա՜տ ուրախ

    Մենք պիտ’ ըլլանք,

    Երբ յիշենք այս բոլորը. . .

    Եհովան գիտէ

    Թէ որքա՜ն ջանք կ’ընենք. . .

    Եւ չի մոռնար անկեղծ սէրը մեր,

    գործը մեր։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Թող դրական միտքեր պահպանենք,

    Հօր աղօթքով դիմենք

    Եւ մեր սիրտը կանխաւ պատրաստենք,

    Որ ոյժ առնենք։

    Եհովան եւ Յիսուս մեզ կ’ուղղեն.

    Հրեշտակն ալ կ’օգնէ։

    Մեր կողքին կան քոյրեր, եղբայրներ։

    Մենք մինակ չենք։