Երգ 154
Շարունակենք տոկալ
-
Երբ Յիսուս եկաւ,
Տառապեցաւ ու ցաւ քաշեց. . .
Բայց ուրախութեամբ
Ճնշիչ պահուն ան համբերեց։
Հօր կամքը. . . խոստումը. . .
Մտքին մէջ վառ պահեց։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Յիսուս մեր օրինակն է. . .
Տոկանք, հաստատ մնանք։
Աստուած ամուր վահան է.
Կ’օգնէ որ մինչեւ վերջ անխախտ մնանք։
-
Երբ մենք հալածուինք
Կամ տառապինք, ցաւինք ու լանք,
Միշտ պիտի նայինք
Ապագային որ դիմանանք։
Հոն ա՛լ ցաւ պիտ’ չըլլայ. . .
Վճռենք որ հոն ըլլանք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Յիսուս մեր օրինակն է. . .
Տոկանք, հաստատ մնանք։
Աստուած ամուր վահան է.
Կ’օգնէ որ մինչեւ վերջ անխախտ մնանք։
-
Մենք չենք յանձնուիր,
Ոչ ալ վախի տեղի կու տանք։
Տէր Եհովային
Հաւատարիմ պիտի մնանք։
Դրախտը՝ նոր կեանքը,
ահա մօտ է. կու գայ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Յիսուս մեր օրինակն է. . .
Տոկանք, հաստատ մնանք։
Աստուած ամուր վահան է.
Կ’օգնէ որ մինչեւ վերջ անխախտ մնանք։
(Տե՛ս նաեւ Գործք 20։19, 20. Յակ. 1։12. Ա. Պետ. 4։12-14)