Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայացումի նմոյշներ

Ներկայացումի նմոյշներ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Հարցում։ Այսօր ֆիլմերու եւ հեռատեսիլի յայտագիրներու մէջ շատ անգամ ոգեհարցներու եւ կախարդներու նիւթը կ’ըլլայ։ Ձեր կարծիքով անոնց քով երթալը անվնա՞ս է թէ ոչ վտանգաւոր է։

Ներկայացում։ Այս գիրքը նկատի կ’առնէ կարգ մը դիւային սովորութիւններ եւ կ’ըսէ թէ այդ բաներուն ետին ո՛վ կայ (գլ. 10, պարբ. 10-13)։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Հարցում։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս աշխարհի խնդիրները պիտի լուծէ։

Համար։ Մատ. 6։10

Ճշմարտութիւն։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ ապահովութիւն պիտի բերէ,– ճիշդ ինչպէս որ երկինքի մէջ բերած է։

Ի՞ՆՉ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ (վերայցելութիւն)

Հարցում։ [Ուշադրութեան յանձնէ թերթիկին վերջին էջի հարցումը, որ «Մտածելու համար» վերնագրին տակ եկած է։] Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։

Համար։ Սաղ. 37։29. Եսա. 65։21-23

Ներկայացում։ [Ցոյց տուր Ուրախ լուրեր գրքոյկը։] Այս գրքոյկին 7–րդ գլուխը նկատի կ’առնէ թէ այս խոստումները ի՛նչ կրնան նշանակել մեզի համար։ [Այս գրքոյկը գործածելով ուսումնասիրութիւն մը սկսէ։]

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։