ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Կրնաս անգործունեայ անհատ մը քաջալերել
Ամէն տարի շատ մը անգործունեայ քրիստոնեաներ Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին։ Անցեալին անոնք սկսած էին կեանքի մրցավազքին մէջ վազել, բայց ետքը դանդաղեցան զանազան պատճառներով, որոնցմէ ոմանք նշուած են Եհովային վերադարձիր գրքոյկին մէջ (Եբ. 12։1)։ Բայց եւ այնպէս անգործունեայ քրիստոնեաները տակաւին արժէքաւոր են Եհովային աչքին, որ զանոնք գնեց իր Որդիին արիւնովը (Գործք 20։28. Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել որ ժողովքին վերադառնան։
Ժողովքի երէցները կը ջանան անգործունեաները գտնել եւ անոնց օգնել, ճիշդ ինչպէս որ հովիւ մը ժրաջանութեամբ կը փնտռէ այն ոչխարները, որոնք հօտէն մոլորած են (Ղուկ. 15։4-7)։ Ասիկա կ’արտացոլէ Եհովային սիրալիր հոգատարութիւնը (Եր. 23։3, 4)։ Ոչ միայն երէցները, հապա բոլորս կրնանք այսպիսիները քաջալերել։ Երբ ջանք թափենք որ ազնիւ եւ կարեկից ըլլանք, Եհովան մեզի կը հաճի եւ կը վարձատրուինք (Առ. 19։17. Գործք 20։35)։ Ուրեմն, մտածէ թէ ո՛ր անհատը կրնաս քաջալերել եւ շուտով գործի լծուէ։
ԴԻՏԷ ԱՆԳՈՐԾՈՒՆԵԱՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԷ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌ.
-
Էպին ի՞նչ նախաքայլ առաւ երբ ծանօթացաւ Վկայի մը որ չէր ճանչնար։
-
Ինչո՞ւ պէտք է որ երէցներուն հետ խօսինք, եթէ կը մտածենք անգործունեայ անհատի մը օգնել։
-
Էպին ինչպէ՞ս պատրաստուեցաւ Լորային այցելելու երկրորդ անգամին։
-
Էպին ինչպէ՞ս յարատեւութիւն, համբերութիւն եւ սէր ցոյց տուաւ երբ կը ջանար Լորան քաջալերել։
-
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ղուկաս 15։8-10–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի առակէն։
-
Ի՞նչ օրհնութիւններ մէջտեղ եկան Լորային օգնելու միացած ջանքերուն շնորհիւ։