Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Թագաւորութեան երգերը քաջութիւն կու տան

Թագաւորութեան երգերը քաջութիւն կու տան

Պօղոսը եւ Շիղան Աստուած օրհնեցին՝ բանտին մէջ երգելով (Գործք 16։25)։ Իսկ հաւատակիցներ Թագաւորութեան երգեր երգեցին երբ Զագսընհաուզըն համակեդրոնացման ճամբարին մէջ էին՝ նացի Գերմանիոյ մէջ եւ երբ Սիպերիա աքսորուած էին։ Այս օրինակները ցոյց կու տան թէ երգերը զօրութիւնը ունին քաջալերելու այն քրիստոնեաները, որոնք փորձութիւններ կը դիմագրաւեն։

Մօտ ատենէն Ուրախութեամբ երգենք Եհովային խորագրով նոր երգարանը լոյս պիտի տեսնէ շատ մը լեզուներով։ Հազիւ գիրքը մեր ձեռքը անցնի, կրնանք բառերը գոց սորվիլ՝ երգերը փորձ ընելով ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին (Եփ. 5։19)։ Յետոյ, սուրբ հոգին մեզի պիտի օգնէ որ երգերը յիշենք երբ փորձութիւններու առջեւ գտնուինք։ Թագաւորութեան երգերը կրնան մեզի օգնել որ մեր յոյսին վրայ կեդրոնանանք։ Անոնք կրնան մեզ քաջալերել երբ փորձութեան մէջ ըլլանք։ Նոյնիսկ երբ փորձութեան մէջ չենք, երգերուն ոգեւորիչ բառերը մեզի կ’օգնեն որ ուրախութեամբ երգենք,– ինչ որ ցոյց կու տայ մեր ուրախ հոգեվիճակը (Ա. Մն. 15։16. Սաղ. 33։1-3)։ Թող որ ամէն գնով ջանանք մեր Թագաւորութեան երգերը սորվիլ։

ԴԻՏԷ ԵՐԳ ՄԸ՝ ՈՐ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՎԻՏԷՈՆ։ ՅԵՏՈՅ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.

  • Ի՞նչ պարագաներ պատճառ դարձան որ եղբայր Ֆրոսթը երգ մը յօրինէ։

  • Երգը ինչպէ՞ս քաջութիւն տուաւ Զագսընհաուզընի համակեդրոնացման ճամբարին մէջ գտնուող եղբայրներուն։

  • Ո՞ր առօրեայ պարագաներու մէջ Թագաւորութեան երգերը կրնան քեզ զօրացնել։

  • Ո՞ր Թագաւորութեան երգերը կ’ուզես գոց սորվիլ։