Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Զանոնք ջերմօրէն դիմաւորէ

Զանոնք ջերմօրէն դիմաւորէ

Որո՞նք։ Ոեւէ անհատ որ մեր ժողովներուն ներկայ կը գտնուի,– ըլլայ անիկա նորեկ կամ տարիներու հաւատակից (Հռով. 15։7. Եբ. 13։2)։ Անհատը կրնայ ըլլալ ուրիշ երկրէ եկած հաւատակից մը կամ ալ անգործունեայ մը, որ երկար բացակայութենէ ետք առաջին անգամ ըլլալով ժողովի ներկայ կը գտնուի։ Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ ըլլայիր, ի՞նչ պիտի զգայիր։ Չէի՞ր փափաքեր ջերմ ընդունելութիւն ստանալ (Մատ. 7։12)։ Ուրեմն լաւ կ’ըլլայ որ աւելի ջանք թափես որ Թագաւորութեան սրահին մէջ ուրիշները բարեւես ժողովէն առաջ եւ վերջ։ Ասիկա ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ եւ Եհովային փառք կը բերէ (Մատ. 5։16)։ Անշուշտ, թերեւս չհասնիս բոլորին հետ խօսելու։ Ասով հանդերձ, բոլորը ջերմօրէն ընդունուած պիտի զգան եթէ իւրաքանչիւրս ասոր մէջ բաժին բերենք *։

Հիւրասիրութիւն ցոյց կու տանք ո՛չ միայն մասնաւոր առիթներու, ինչպէս՝ Յիշատակատօնին, հապա՝ ամէն ատեն։ Երբ նորեկները մեր քրիստոնէական սէրը շօշափեն, թերեւս մղուին Աստուած փառաբանելու եւ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ մեզի միանալու (Յովհ. 13։35

^ պարբ. 3 Աստուածաշունչին սկզբունքները կը թելադրեն որ բարեւ չտանք վտարուած կամ ընկերակցութիւնը խզած անհատներու, որոնք ժողովներու ներկայ կը գտնուին (Ա. Կոր. 5։11. Բ. Յովհ. 10