Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈԲ 33-37

Իսկական բարեկամը շինիչ խրատ կու տայ

Իսկական բարեկամը շինիչ խրատ կու տայ

Երբ Եղիուս սկսաւ խօսակցութեան մասնակցիլ, իր խրատը բոլորովին տարբեր էր Եղիփազի, Բաղդատի եւ Սոփարի խրատներէն, թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ Յոբի հետ իր վարուելակերպով։ Ան փաստեց թէ իսկական բարեկամ մըն է եւ ազդու խրատատու մը։ Եղիուս իրապէս ընդօրինակուելու արժանի է։

ԱԶԴՈՒ ԽՐԱՏԱՏՈՒԻ ՄԸ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԵՂԻՈՒՍ ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ

32։4-7, 11, 12. 33։1

 

  • ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ

  • ՈՒՇԱԴԻՐ

  • ՅԱՐԳԱԼԻՑ

 
  • Եղիուս համբերութեամբ սպասեց որ տարեցները իրենց խօսքը լրացնեն

  • Ուշադրութեամբ մտիկ ընելով, ան հարցերը աւելի լաւ հասկցաւ առա՛ջ որ խրատ տայ

  • Երբ Յոբի հետ կը խօսէր, անոր անունը գործածեց եւ բարեկամի մը պէս խօսեցաւ

 

33։6, 7, 32

 

  • ԽՈՆԱՐՀ

  • ԴԻՒՐԱՄԱՏՉԵԼԻ

  • ԿԱՐԵԿԻՑ

 
  • Եղիուս խոնարհ ու ազնիւ էր, եւ գիտակից՝ իր անկատարութեան

  • Ան Յոբին կարեկցեցաւ իր տառապանքին համար

 

33։24, 25. 35։2, 5

 

  • ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ

  • ԱԶՆԻՒ

  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ՈՐԴԵԳՐՈՂ

 
  • Եղիուս ազնուօրէն ցոյց տուաւ Յոբին որ անոր տեսակէտը հաւասարակշռուած չէր

  • Եղիուս օգնեց Յոբին որ տեսնէ թէ իր արդարութիւնը ամէնէն կարեւոր բանը չէր

  • Եղիուսի ողջամիտ խրատը ճամբան հարթեց որ Յոբ Եհովայէն յաւելեալ ուղղութիւն ստանայ