Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Համաժողովի հրաւիրագիր բաշխելու արշաւ

Համաժողովի հրաւիրագիր բաշխելու արշաւ

Ամէն տարի շատ ակնկալութիւններ կ’ունենանք այն հոգեւոր խնճոյքին նկատմամբ, որ կը ճաշակենք մեր մարզային համաժողովներուն մէջ։ Որպէսզի ուրիշներ ալ Եհովայի բարութիւնը համտեսեն, կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ պիտի հրաւիրենք որ մեզի հետ համաժողովին ներկայ գտնուին (Սաղ. 34։8)։ Իւրաքանչիւր երէցներու մարմին պիտի որոշէ թէ հրաւիրագիր բաշխելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։

Ի ՄՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

  • Համաժողովս ե՞րբ է։

  • Երկրիս մէջ արշաւը ե՞րբ պիտի սկսի։

  • Դաշտի ծառայութեան ժողովները ո՞ր օրերն են։

  • Արշաւին համար ի՞նչ նպատակակէտեր դրած եմ։

  • Որո՞նք կը ծրագրեմ հրաւիրել։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԵՍ

Բարեւելէ ետք կրնաս ըսել.

«Մենք կը մասնակցինք միջազգային արշաւի մը՝ բաշխելու համար կարեւոր առիթի մը հրաւիրագիրը։ Թուականը, ժամը եւ հասցէն նշուած են հրաւիրագրին վրայ։ Շատ պիտի ուրախանանք եթէ կարենաք գալ»։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼ

Ճիշդ է որ կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ հրաւիրել համաժողովի, բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք որ որեւէ հետաքրքրութիւն որ կը տեսնենք, մշակենք։

Շաբաթավերջերուն, կրնաս հրաւիրագրին հետ պարբերաթերթը առաջարկել։