Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Խօսակցութիւն սկսելու համար նոր երեսակ

Խօսակցութիւն սկսելու համար նոր երեսակ

Յունուար 2016–էն սկսեալ, Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան վերջին էջին վրայ սկսաւ լոյս տեսնել «Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ» յօդուածը։ Այս նոր երեսակը պատրաստուած է մեզի օգնելու որ աստուածաշնչական նիւթերու շուրջ խօսակցութիւններ սկսինք։ Յօդուածին տեսքը կը նմանի մեր թերթիկներուն տեսքին։ Յօդուածը ունի միտք գրգռող հարցում մը, Աստուածաշունչէն պատասխան մը եւ քննարկման համար յաւելեալ կէտեր։

Աստուածաշնչական նիւթերու շուրջ հաճելի խօսակցութիւններ յաճախ կ’առաջնորդեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու։ Այս նոր երեսակը գործածէ աւելի շատ անհատներու օգնելու որ իրենց հոգեւոր պապակը գոհացնեն (Մատ. 5։6

ԱՅՍ ԵՐԵՍԱԿԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԳՈՐԾԱԾԵԼ.

  1. Խնդրէ որ տանտէրը իր կարծիքը յայտնէ հարցումներէն մէկուն շուրջ

  2. Մտիկ ըրէ իր պատասխանը եւ շնորհակալութիւն յայտնէ

  3. Կարդա՛ «Աստուածաշունչը կ’ըսէ» ենթավերնագրին տակի համարը եւ հարցուր թէ ի՛նչ կը խորհի համարին շուրջ։ Եթէ ժամանակը կը ներէ, խօսակցութիւնը շարունակէ գործածելով «Աստուածաշունչէն այլ կէտեր» ենթավերնագրին կէտերէն մէկը

  4. Առաջարկէ պարբերաթերթը

  5. Կարգադրութիւն ըրէ որ վերադառնաս եւ 2–րդ հարցումը քննարկես