Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայացումի նմոյշներ

Ներկայացումի նմոյշներ

ԴԻՏԱՐԱՆ

Հարցում։ Ձեր կարծիքով ի՞նչն է ամէնէն արժէքաւոր նուէրը որ Աստուած մեզի տուած է։

Համար։ Յովհ. 3։16

Ներկայացում։ Դիտարան–ի այս թիւը կ’ըսէ թէ Աստուած ինչո՛ւ Յիսուսը աշխարհ ղրկեց որ մեզի համար մեռնի եւ ինչպէ՛ս կրնանք այդ նուէրին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ։

Ի՞ՆՉ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հարցում։ [Թերթիկին կողքը ցոյց տուր։] Ինչպէ՞ս կը պատասխանէք այս հարցումին. արդեօք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութի՞ւն է։ Սրտի վիճա՞կ է։ Կամ ուրի՞շ բան մը։

Համար։ Դան. 2։44. Եսա. 9։6

Ներկայացում։ Այս թերթիկը կը բացատրէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի ազդել։

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻ ՀՐԱՒԻՐԱԳԻՐ

Ներկայացում։ Մենք մարդիկը կը հրաւիրենք կարեւոր առիթի մը։ [Հրաւիրագիրը ներկայացուր։] Ապրիլ 11–ին աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ պիտի հաւաքուին Յիսուսի մահը յիշատակելու եւ մտիկ ընելու Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը, թէ ինչպէ՛ս իր մահը մեզի կ’օգտէ։ Այս հրաւիրագրին մէջ կը գտնէք ժողովին ժամն ու վայրը։ Մուտքը ձրի է։ Յուսանք կրնաք գալ։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։