Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկը ինչպէ՛ս գործածել

Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկը ինչպէ՛ս գործածել

Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկը պատրաստուած է որ աշակերտներուն հետ նկատի առնուի ուսումնասիրութեան սկիզբը կամ վերջը *։ 1-4–րդ դասերը աշակերտները կը ծանօթացնեն Եհովայի վկաներուն, 5-14–րդ դասերը անոնց կ’օգնեն որ մեր գործունէութիւններուն մասին գիտնան եւ 15-28–րդ դասերը անոնց ցոյց կու տան որ մեր կազմակերպութիւնը ինչպէ՛ս կը գործէ։ Ընդհանրապէս լաւ պիտի ըլլայ դասերը շարքով նկատի առնել, բացի եթէ դաս մը կայ որ կը յարմարի անհատին կարիքին։ Ամէն մէկ դաս միայն մէկ էջ է եւ կարելի է որեւէ աշակերտի հետ քննարկել 5-10 վայրկեանուան մէջ։

  • Ուշադրութեան յանձնէ հարցումը, որ դասին վերնագիրն է

  • Դասը միասին կարդացէք,– կա՛մ լման դասը եւ կամ մաս առ մաս

  • Կարդացածդ քննարկէ։ Դասին վերջաւորութեան գտնուող հարցումները հարցուր եւ նկարները նկատի առէք։ Լաւ դատողութիւն գործածէ, որ գիտնաս թէ ո՛ր համարները պիտի կարդաս եւ քննարկես աշակերտին հետ։ Ցոյց տուր որ սեւատիպ ենթավերնագիրները վերնագրի հարցումին կը պատասխանեն։

  • Եթէ դասին մէջ «Աւելի՛ն գիտնալու համար» շրջանակը կայ, միասնաբար զայն կարդացէք եւ աշակերտդ քաջալերէ որ թելադրուածը կիրարկէ

^ պարբ. 3 Առցանց գրքոյկը ամէնէն արդի տարբերակն է։