Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՐԵՄԻԱ 12-16

Իսրայէլը Եհովան մոռցաւ

Իսրայէլը Եհովան մոռցաւ

Երեմիան ստացաւ դժուար նշանակում մը, որ պիտի պատկերացնէր Յուդային եւ Երուսաղէմին ‘հպարտութիւնը աւրելու’ Եհովային վճռականութիւնը։

Երեմիան քթանէ գօտի մը գնեց

13։1, 2

  • Մէջքին կապուած գօտին կը խորհրդանշէր այն մտերիմ փոխյարաբերութիւնը որ իսրայէլ ազգը կրնար վայելել Եհովային հետ

Երեմիան գօտին Եփրատ գետ տարաւ

13։3-5

  • Ան գօտին վէմին կամ ժայռին ծակին մէջ պահեց եւ Երուսաղէմ վերադարձաւ

Երեմիան Եփրատ գետ վերադարձաւ որ գօտին հոնկէ ետ բերէ

13։6, 7

  • Գօտին փտեր էր

Երեմիան իրեն տրուած նշանակումը կատարելէ ետք Եհովան բացատրեց թէ անոր ըրածը ինչ կը նշանակէր

13։8-11

  • Երեմիան սրտանց ըրաւ իրմէ խնդրուածը, որ թերեւս պարապ բան մը կ’երեւէր։ Իր այս ըրածը կարեւոր դեր խաղցաւ որ Եհովան իր ժողովուրդին սրտին հասնի