Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 3-4

Շաբաթ օրը բժշկել

Շաբաթ օրը բժշկել

3։1-5

Յիսուս ինչո՞ւ տրտմեցաւ երբ հրեայ կրօնական առաջնորդներուն կեցուածքը տեսաւ։ Քանի որ անոնք Շաբաթը բեռ մը դարձուցին՝ անոր վրայ յաւելեալ օրէնքներ աւելցնելով։ Օրինակ, լու (փոքր միջատ) մեռցնելը արգիլուած էր։ Բժշկելը արտօնուած էր միայն եթէ անհատին կեանքը վտանգի տակ ըլլար։ Ասիկա կը նշանակէր որ արտօնուած չէր Շաբաթ օրը կոտրած կամ դարձած ոսկոր մը ետ տեղը բերել։ Յստակ է որ կրօնական առաջնորդները չէին հետաքրքրուած այն մարդով, որուն ձեռքը չորցած էր։