ՔՐԻՍԱՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփը հմտութեամբ գործածէ
Աշակերտելը կը նմանի տուն մը շինելուն։ Ազդու կերպով շինելու համար, պէտք է որ սորվինք մեր գործիքները լաւ կերպով գործածել։ Մանաւանդ պէտք է որ սորվինք մեր գլխաւոր գործիքը՝ Աստուծոյ Խօսքը, հմտութեամբ գործածել (Բ. Տիմ. 2։15)։ Ասկէ զատ, պէտք է որ ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփին միւս հրատարակութիւնները եւ վիտէօները ազդու կերպով գործածենք՝ աշակերտելու նպատակով *։
Ինչպէ՞ս կրնաս ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփին գործիքները գործածելու մէջ հմտանալ։ 1) Դաշտի ծառայութեան խումբի տեսուչէդ օգնութիւն խնդրէ, 2) փորձառու հրատարակիչի կամ ռահվիրայի հետ ծառայէ եւ 3) շարունակ փորձ ըրէ։ Մինչ այս հրատարակութիւնները եւ վիտէօները գործածելու մէջ հմուտ կը դառնաս, ուրախութիւն պիտի գտնես մասնակցելով այլաբանական շինարարական գործին, որ ներկայիս կը կատարուի։
ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ
ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ
ԳԻՐՔԵՐ
ԹԵՐԹԻԿՆԵՐ
ՎԻՏԷՕՆԵՐ
ՀՐԱՒԻՐԱԳԻՐՆԵՐ
ԿԱՅՔԻ ՔԱՐՏԵՐ
^ պարբ. 3 Քանի մը հրատարակութիւններ, որոնք ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփին մէջ չկան, որոշ մարդոց համար պատրաստուած են։ Ատոնք կարելի է գործածել երբ որ յարմար ըլլայ։