ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աշակերտելու համար կարեւոր է որ քարոզենք ու սորվեցնենք
Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ երթան եւ աշակերտեն (Մատ. 28։19)։ Ասիկա կը պարփակէ քարոզել եւ սորվեցնել։ Ատեն–ատեն, բոլորս մենք մեզի պէտք է հարցնենք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ աշակերտելու գործին այս երեսակներուն մէջ բարելաւուիլ’։
ՔԱՐՈԶԵԼ
Փոխանակ սպասելու որ մարդիկ մեր քով գան, պէտք է որ ժրաջանօրէն ‘արժանաւորները’ փնտռենք (Մատ. 10։11)։ Երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, առիթը կ’օգտագործե՞նք խօսելու մարդոց, ‘որոնց կը հանդիպինք’ (Գործք 17։17, ԱԾ)։ Լիդիան աշակերտ եղաւ Պօղոսի ժրաջան քարոզչութեան շնորհիւ (Գործք 16։13-15)։
ԴԻՏԷ ‘ԱՌԱՆՑ ԴԱԴԱՐԵԼՈՒ’ ՔԱՐՈԶԵԼ՝ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ԿԵՐՊՈՎ ԵՒ ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։
-
Իր առօրեայ կեանքին մէջ, Սամուէլ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ժրաջան էր ճշմարտութեան սերմեր ցանելու մէջ։
-
Ինչո՞ւ պէտք է որ շարունակենք քարոզչութեան բոլոր երեսակներուն մասնակցիլ։
-
Առօրեայ կեանքիդ մէջ, որո՞ւն կրնաս Թագաւորութեան պատգամը քարոզել։
ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ
Աշակերտելու համար, պէտք է որ մարդոց հրատարակութիւն տալէն աւելին ընենք։ Անոնց օգնելու համար որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն, պէտք է որ վերայցելութիւններ ընենք եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարենք (Ա. Կոր. 3։6-9)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել եթէ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը սորվեցնելու մեր ջանքերը շատ արդիւնաւէտ չըլլան (Մատ. 13։19-22)։ Պէտք է շարունակենք փնտռել անոնք՝ որոնց սիրտը «աղէկ հող»ի պէս է (Մատ. 13։23. Գործք 13։48)։
ԴԻՏԷ ‘ԱՌԱՆՑ ԴԱԴԱՐԵԼՈՒ’ ՔԱՐՈԶԵԼ՝ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ԵՒ ԵՐԲ Կ’ԱՇԱԿԵՐՏԷՔ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։
-
Սոլոմոնը եւ Մէրին ինչպէ՞ս ճշմարտութեան սերմերը ջրեցին Իզիքիըլին եւ Էպիկէյլին սրտին մէջ։
-
Մեր նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, երբ կը մասնակցինք ծառայութեան բոլոր երեսակներուն, մէջը ըլլալով հանրային վկայութեան։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի կարեւորութիւն տալ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնելուն։