Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 14-16

Աստուած պիտի ըլլայ «ամէնը ամէն բանի մէջ»

Աստուած պիտի ըլլայ «ամէնը ամէն բանի մէջ»

15։24-28

Փայլուն ապագայ մը կը սպասէ անոնց, որոնք Եհովային հաւատարիմ կը մնան։ Երբ խանդավառութեամբ մեր յոյսին մասին կը խօսինք ուրիշներուն, այդ յոյսը աւելի իրական կը դառնայ մեզի համար։ Պօղոս առաքեալ քաջալերեց քրիստոնեաները որ երեւակայեն թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ Քրիստոսի Հազարամեայ իշխանութենէն ետք, երբ Եհովան պիտի ըլլայ «ամէնը ամէն բանի մէջ»։

Ապագայի ո՞ր օրհնութիւնները ամէնէն շատ սրտիդ կը դպչի, եւ ինչո՞ւ։

Ի՞նչը քեզ կը համոզէ որ Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ։