Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Յիշատակատօնին ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուիս

Յիշատակատօնին ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուիս

Այս տարուընէ սկսեալ աւելի ժամանակ պիտի ունենանք Քրիստոսին մահուան Յիշատակատօնին պատրաստուելու համար։ Երբ Յիշատակատօնը շաբթուան մէջ գայ, միջշաբաթային ժողովը պիտի չունենանք։ Իսկ երբ շաբաթավերջին գայ, հանրային դասախօսութիւն եւ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւն պիտի չունենանք։ Լաւ, այս ժամանակէն լաւագոյնդ պիտի օգտուի՞ս։ Ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս այսօր գործնական կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան այս յատուկ առիթին համար (Ղուկ. 22։7-13. թծ 3/15 1)։ Ասկէ զատ, բոլորս պէտք է մեր սիրտը պատրաստենք այս առիթին համար։ Ինչպէ՞ս։

  • Խոկա Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալու կարեւորութեան վրայ (Ա. Կոր. 11։23-26

  • Աղօթէ եւ մտածէ Եհովային հետ փոխյարաբերութեանդ մասին (Ա. Կոր. 11։27-29. Բ. Կոր. 13։5

  • Կարդա եւ խոկա այն յօդուածներուն վրայ, որոնք Յիշատակատօնին իմաստը կը քննարկեն (Յովհ. 3։16. 15։13

Կարգ մը հրատարակիչներ կը կարդան «Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը», որ կը գտնուի Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին մէջ, եւ ատոր վրայ կը խոկան։ Ուրիշներ կը կարդան Աստուածաշունչի այն համարները, որոնք այս եւ քովի էջին վրայ գտնուող ցուցակին մէջ անցած են։ Ուրիշներ ալ վերաքաղ կ’ընեն Դիտարան–ի այն յօդուածները, որոնք կը խօսին Յիշատակատօնին մասին եւ այն սիրոյն մասին որ Եհովան ու Յիսուսը մեզի հանդէպ ունին։ Ի՛նչ որ ալ որոշես ընել, թող որ ատիկա քեզ մօտեցնէ Եհովային եւ իր Որդիին։