Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 32-33

Կը գօտեմարտի՞ս օրհնութիւն ստանալու համար

Կը գօտեմարտի՞ս օրհնութիւն ստանալու համար

32։24-28

Եհովային օրհնութիւնը ստանալու համար պէտք է ջանք թափենք, որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք մեր կեանքին մէջ (Ա. Կոր. 9։26, 27)։ Եհովային ծառայութեան մէջ պէտք է ունենանք այն նոյն կեցուածքը որ Յակոբ ունէր, երբ հրեշտակի մը հետ գօտեմարտեցաւ։ Մենք ցոյց կու տանք որ Եհովային օրհնութիւնը կը փնտռենք, երբ՝

  • ժողովներուն նիւթերը լաւ կը պատրաստենք

  • կանոնաւորաբար ծառայութեան կ’ելլենք

  • մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ ժողովքին մէջ ուրիշներուն օգնենք

Որքա՛ն ալ պարագաներդ դժուար ըլլան, միշտ Եհովային աղօթէ որ քեզի օգնէ եւ իրեն ծառայելու ջանքերդ օրհնէ

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ո՞ր մարզերուն մէջ կրնամ աւելի ջանք թափել որ Եհովային օրհնութիւնը ստանամ’