Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«Օտար աստուածները վերցուցէք»

«Օտար աստուածները վերցուցէք»

Յակոբ գիտէր որ Եհովան արժանի է որ բացարձակապէս զինք պաշտենք, հակառակ անոր որ Եհովան դեռ օրէնք մը չէր տուած կռապաշտութեան դէմ (Ել. 20։3-5)։ Ասոր համար, երբ Եհովան իրեն ըսաւ որ Բեթէլ վերադառնայ, Յակոբ բոլոր իրեն հետ եղողներուն ըսաւ որ իրենց կուռքերը իրենցմէ հեռացնեն։ Ետքը Յակոբ ձերբազատուեցաւ այդ կուռքերէն, որոնց մէջ կային օղեր, որոնք հաւանաբար որպէս հմայեակ կը գործածուէին (Ծն. 35։1-4)։ Եհովան անկասկած ուրախ էր Յակոբին առած քայլով։

Մեր օրերուն, ինչպէ՞ս կրնանք բացարձակապէս Եհովան պաշտել։ Կարեւոր բաներէն մէկն է որ հեռու մնանք որեւէ բանէ որ կռապաշտութեան կամ ոգեհարցութեան հետ կապ ունի։ Ասոր համար պէտք է ձերբազատուինք բոլոր այն բաներէն, որոնք կախարդութեան հետ կապ ունին, եւ ուշադրութեամբ քննենք մեր ժամանցը։ Օրինակ, դուն քեզի հարցուր. ‘Վամպիրներու, զոմպիներու կամ գերբնական բաներու մասին գիրքեր կը կարդա՞մ կամ ֆիլմեր կը դիտե՞մ։ Ժամանցս կը ցուցնէ՞ որ կախարդութիւնը, հմայեակները կամ անէծքները անվնաս զուարճութիւն են’։ Պէտք է լման հեռու ըլլանք բաներէ որոնք Եհովան կ’ատէ (Սաղ. 97։10

ԴԻՏԷ ‘ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՀԱԿԱՌԱԿ ԿԵՑԻՐ’ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Էլիզա անունով աշակերտուհի մը ի՞նչ խնդիր ունեցաւ։

  • Ինչո՞ւ իմաստութիւն է երէցներէն օգնութիւն խնդրել ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող հարցերու մէջ։

  • Սատանային հակառակ կեցիր եւ Աստուծոյ մօտեցիր (Յակ. 4։7, 8)

    Եհովային պաշտպանութիւնը ուզողները ի՞նչ բաներէ պէտք է ամբողջութեամբ ձերբազատուին։

  • Էլիզան ի՞նչ վճռական քայլ մը առաւ։

  • Ուր որ կ’ապրիս, ինչպէ՞ս կրնաս դեւերուն ազդեցութենէն հեռու մնալ։