Ներկայացումի նմոյշներ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՂՄԷ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐԵՐ
Հարցում։ Մարդիկ կ’ուզեն առողջ ըլլալ։ Ձեր կարծիքով, ի՞նչ կրնանք ընել որ հիւանդ չըլլանք։
Համար։ Առ. 22։3
Ներկայացում։ Այս գրքոյկը նկատի կ’առնէ քայլեր, որոնք կրնանք առնել հիւանդ չըլլալու համար (գլ. 11, հարցում 4, պարբ. 3)։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ
Հարցում։ Մեր չարչարանքին պատճառը Աստուա՞ծ է։
Համար։ Յոբ 34։10
Ճշմարտութիւն։ Մեր չարչարանքին պատճառը Աստուած չէ։ Հապա չարչարանքը կու գայ Սատանայէն, ինչպէս նաեւ մարդոցմէ՝ որոնք սխալ որոշումներ կ’առնեն։ Երբեմն ալ անիկա կու գայ սխալ ժամուն սխալ վայր մը գտնուելէն։ Երբ չարչարուինք՝ Աստուած մեզի օգնելու պատրաստ է։ Ան իրապէս մեզ կը հոգայ։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ (տեսաերիզ)
Հարցում։ Ձեր կարծիքով Աստուա՞ծ երկիրը կը ղեկավարէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչին ըսածը թերեւս ձեզ զարմացնէ։ Տեսնենք թէ այս կարճ վիտէոն ի՛նչ կ’ըսէ։ [Տեսաերիզը դիտել տուր։]
Ներկայացում։ Այս գրքին 11–րդ գլուխը կը բացատրէ թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը եւ ատոր նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընէ։ [Ներկայացուր Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը։]
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։