Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»

«Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»

Եսայիի կամաւոր հոգին կ’արժէ ընդօրինակել։ Ան հաւատք դրսեւորեց եւ շուտով ընդառաջեց երբ որ կարիք կար, հակառակ անոր որ բոլոր մանրամասնութիւններէն տեղեակ չէր (Եսա. 6։8)։ Դուն ալ կրնա՞ս պարագաներդ այնպէս մը յարմարցնել, որ կարենաս ծառայել հոն, ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կայ (Սաղ. 110։3)։ Անշուշտ անհրաժեշտ է այսպիսի քայլ մը առնելէ առաջ ‘ծախքը հաշիւ ընել’ (Ղուկ. 14։27, 28)։ Բայց միեւնոյն ատեն յօժարակամ եղիր քարոզչութեան համար զոհողութիւններ ընելու (Մատ. 8։20. Մար. 10։28-30)։ Ինչպէս որ Փոխադրուիլ հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ տեսաերիզը ցոյց կու տայ, Եհովային ծառայութեան մէջ մեր ստացած օրհնութիւնները շա՜տ աւելի են, քան՝ մեր ընելիք զոհողութիւնները։

ՏԵՍԱԵՐԻԶԸ ԴԻՏԵԼԷ ԵՏՔ, ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.

  • Էքուատորի մէջ ծառայելու համար, Ուիլիամզ ընտանիքը ի՞նչ զոհողութիւններ ըրաւ։

  • Երբ կ’որոշէին թէ ո՛ւր ծառայեն, անոնք ի՞նչ տուեալներ նկատի առին։

  • Անոնք ի՞նչ օրհնութիւններ ստացան։

  • Ուրկէ՞ կրնաս յաւելեալ տեղեկութիւն ձեռք ձգել այն շրջաններուն մասին, ուր հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։

ՅԱՋՈՐԴ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻՆ, ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌԷՔ.

  • Ինչպէ՞ս կրնանք ընտանեօք մեր ծառայութիւնը ընդլայնել (թծ 8/11 էջ 4-6

  • Եթէ չենք կրնար ծառայել հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ, ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր ժողովքին թիկունք կանգնիլ (դ16.03 էջ 23-25