Երկիրը Եհովայի գիտութեամբ պիտի լեցուի
Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կիրարկուեցաւ իսրայէլացիներուն
-
Իսրայէլացիները ո՛չ Բաբելոնէն դէպի հայրենիք վերադարձած ժամանակ, ոչ ալ վերահաստատուած երկրին մէջ պէտք ունեցան գիշատիչ կենդանիներէն կամ գազանանման մարդոցմէ վախնալու (Եզր. 8։21, 22)։
Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը կիրարկուի մեր օրերուն
-
Եհովային գիտութիւնը մարդոց անձնաւորութիւնը փոխած է։ Մարդիկ որ նախապէս վայրագ էին, խաղաղասէր դարձած են։ Աստուծոյ գիտութիւնը մէջտեղ բերած է համաշխարհային հոգեւոր դրախտ մը։
Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կատարուի ապագային
-
Ամբողջ երկիրը ապահով ու խաղաղ դրախտի պիտի վերածուի, ինչպէս որ Աստուած սկիզբէն նպատակադրած էր։ Ո՛չ մէկ արարած, ըլլայ մարդ թէ անասուն, վտանգաւոր պիտի սեպուի։
Պօղոս փոխուեցաւ Աստուծոյ գիտութեան շնորհիւ
-
Երբ տակաւին փարիսեցի էր, ան գազանանման յատկութիւններ ունէր (Ա. Տիմ. 1։13)։
-
Ճշգրիտ գիտութիւնը իր անձնաւորութիւնը փոխեց (Կող. 3։8-10)։