ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքով աշակերտին սրտին հասնիլ
ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Պէտք է որ մարդիկ Եհովային չափանիշները սորվին եւ անոնց ենթարկուին, որ կարենան ընդունելի կերպով զինք պաշտել (Եսա. 2։3, 4)։ «Աստուծոյ սէրը» գիրքը, որ աշակերտին հետ մեր ուսումնասիրելիք 2–րդ գիրքն է, անոր կ’օգնէ որ գիտնայ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Աստուծոյ սկզբունքները իր կեանքին մէջ կիրարկել (Եբ. 5։14)։ Ատոնք սորվեցուցած ատեն, պէտք է ջանանք անհատին սրտին հասնիլ, որ կարենայ պատշաճ մղումով փոփոխութիւններ մտցնել իր կեանքին մէջ (Հռով. 6։17)։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՍՐՏԻՆ ՀԱՍՆԻԼ
-
Լաւ պատրաստուէ, ի մտի ունենալով աշակերտիդ կարիքները։ Պատրաստէ այնպիսի հարցումներ, որոնք կարելի պիտի դարձնեն որ անհատին կարծիքը գիտնաս. ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ նիւթին շուրջ անոր մտածումներն ու զգացումները գիտնաս (Առ. 20։5. Ծառայութեան դպրոց էջ 259)
-
Գրքին շրջանակները օգտագործէ աշակերտիդ օգնելու համար, որ Աստուածաշունչին սկզբունքները կիրարկելուն արժէքը տեսնէ
-
Աշակերտիդ օգնէ որ խիղճի հետ կապ ունեցող հարցերու շուրջ մտածէ, բայց իրեն տեղ որոշումներ մի՛ առներ (Գաղ. 6։5)
-
Տես եթէ աշակերտդ օգնութեան պէտք ունի աստուածաշնչական որոշ սկզբունքներ կիրարկելու մէջ։ Ազնուութեամբ զինք քաջալերէ որ Եհովային հանդէպ սէրէ մղուած՝ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնէ (Առ. 27։11. Յովհ. 14։31)