«Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
Եհովան կը խոստանայ ամէն բաները նոր ընել։
-
«Նոր երկինք մը». նոր կառավարութիւն մը, որ արդար վիճակներ պիտի հաստատէ երկրի վրայ։
-
«Նոր երկիր մը». մարդկային ընկերութիւն մը, որ Աստուծոյ իշխանութեան կ’ենթարկուի եւ իր արդար չափանիշներով կ’ապրի։
-
«Ամէն բաները նոր». ֆիզիքական, մտային եւ զգացական տառապանքին ցաւալի յիշատակները ամէն օր պիտի փոխարինուին ուրախ յիշատակներով։