Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երկիրը ‘կլլեց գետը’

Երկիրը ‘կլլեց գետը’

Պատմութեան ընթացքին, աշխարհիկ իշխանութիւնները շատ անգամ օգնած են Եհովայի ժողովուրդին (Եզր. 6։1-12. Եսթ. 8։10-13)։ Նոյնիսկ մեր օրերուն տեսած ենք որ «երկիրը»,– կամ դատական իշխանութիւններ, որոնք աւելի տրամաբանող են,– ինչպէ՛ս կլլած է հալածանքի «գետը», որուն պատճառողը «վիշապ»ն է՝ Բանսարկու Սատանան (Յայտ. 12։16)։ «Փրկութեան Աստուած»ը Եհովան թերեւս ատեններ մարդկային կառավարիչներ գործածէ, որ իր ժողովուրդը հանգստացնէ (Սաղ. 68։20. Առ. 21։1

Բայց եթէ հաւատքիդ համար բանտարկուած ես, բնաւ կասկած մի՛ ունենար որ Եհովային աչքերը վրադ են (Ծն. 39։21-23. Սաղ. 105։17-20)։ Վստահ եղիր թէ Եհովան հաւատքդ պիտի վարձատրէ եւ թէ ուղղամտութիւնդ կը քաջալերէ եղբայրներդ աշխարհի չորս կողմը (Փլպ. 1։12-14. Յայտ. 2։10

ԴԻՏԷ ՔՈՐԷԱՑԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԲԱՆՏԷՆ ԴՈՒՐՍ Կ’ԵԼԼԵՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ինչո՞ւ տարիներ շարունակ հազարաւոր եղբայրներ բանտարկուեցան Հարաւային Քորէայի մէջ։

  • Դատարաններուն ո՞ր վճիռները դուռ բացին, որ կարգ մը եղբայրներ ժամանակէն առաջ ազատ արձակուին։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել աշխարհի չորս կողմը գտնուող մեր եղբայրներուն, որոնք բանտարկուած են իրենց հաւատքին համար։

  • Ինչպէ՞ս պէտք է օգտուինք հիմա մեր վայելած ազատութենէն։

  • Մեր տարած դատական յաղթանակները որո՞ւն կը պարտինք։

Իմ վայելած ազատութենէս ինչպէ՞ս կ’օգտուիմ