Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 12-13

Բորոտութեան նկատմամբ օրէնքներէն դասեր քաղէ

Բորոտութեան նկատմամբ օրէնքներէն դասեր քաղէ

13։4, 5, 45, 46, 52, 57

Բորոտութեան նկատմամբ օրէնքներուն ետին եղող սկզբունքները մեզի ի՞նչ կրնան սորվեցնել մեր հոգեւոր առողջութիւնը պաշտպանելու մասին։

  • Եհովան քահանաներուն սորվեցուց որ ինչպէ՛ս կրնան շուտով գիտնալ որ մէկը բորոտ է կամ ոչ։ Մեր օրերուն, քրիստոնեայ հովիւները շուտով կը հետաքրքրուին այն անհատով, որ հոգեւոր օգնութեան պէտք ունի (Յակ. 5։14, 15

  • Իսրայէլացիները պէտք էր փճացնէին որեւէ առարկայ, որ բորոտութեան ախտը ունէր, որպէսզի ախտը ուրիշ բաներու չտարածուէր։ Քրիստոնեաներն ալ պէտք է պատրաստ ըլլան վազ անցնելու նոյնիսկ արժէքաւոր բանէ մը, որ կրնայ մեղքի առաջնորդել զիրենք (Մատ. 18։8, 9)։ Ատիկա կրնայ ըլլալ սովորութիւն մը, ընկերակցութիւն մը կամ ժամանց մը։

Քրիստոնեան ինչպէ՞ս կրնայ վճռականօրէն ցուցնել, որ իրապէս կ’ուզէ Եհովային օգնութիւնը ստանալ։