ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Շարունակէ պարբերաթերթերը գործածել
2018–էն ի վեր մեր հանրամատչելի պարբերաթերթերուն ամէն մէկը մէկ նիւթ կը ներկայացնէ։ Բոլոր այս պարբերաթերթերը մաս կը կազմեն մեր Ուսուցանելու գործիքներու տուփին։ Այսպիսով, կրնանք զանոնք գործածել ծառայութեան մէջ։ Նոյնիսկ կրնանք կարգ մը պարբերաթերթեր մեզի հետ առնել երբ կը ճամբորդենք կամ երբ գնում կ’ընենք։ Այս պարբերաթերթերուն նպատակը չէ մարդոց հետ ուսումնասիրութիւն սկսիլ, բայց ատոնք կրնան մարդոց հոգեւոր հետաքրքրութիւնը արթնցնել։
Մէկու մը հետ խօսակցութիւն սկսելէ ետք, համար մը բաց եւ նշէ պարբերաթերթի մը նիւթը, որ կը կարծես թէ կրնայ հետաքրքրել անհատը։ Օրինակ, եթէ ան ընտանիք ունի, սթրես ունի կամ մահ ունեցած է, կրնաս իրեն ըսել. «Վերջերս աղուոր յօդուած մը կարդացի այս նիւթին մասին։ Կրնա՞մ քեզի ցուցնել»։ Եթէ զգաս որ անհատը հետաքրքրուած է, կրնաս իրեն պարբերաթերթը տալ, կամ ալ ատոր ելեկտրոնային տարբերակը ղրկել իրեն, նոյնիսկ եթէ առաջին հանդիպումն է։ Ճիշդ է որ մեր բուն նպատակը չէ պարբերաթերթ բաժնել, բայց պարբերաթերթերը կրնան մեզի օգնել որ գտնենք այն անձերը, որոնք պատրաստ են իրենց սորվածները գործադրելու (Գործք 13։48)։
2018
2019
2020
Թաղամասիդ մէջ ո՞ր նիւթերը կը հետաքրքրեն մարդիկը