Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովային կրթութեան թիկունք կանգնելով մեր սէրը արտայայտած կ’ըլլանք

Եհովային կրթութեան թիկունք կանգնելով մեր սէրը արտայայտած կ’ըլլանք

Վտարումը կը պաշտպանէ ժողովքը եւ կը կրթէ չզղջացող յանցագործը (Ա. Կոր. 5։6, 11)։ Երբ Եհովային այս կրթութեան թիկունք կը կանգնինք, մեր սէրը յայտնած կ’ըլլանք։ Լաւ ասիկա ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, նկատի ունենալով որ վտարումը զգացական մեծ ցաւ կը պատճառէ բոլորին, մէջը ըլլալով՝ մօտիկ ազգականներ եւ դատական յանձնախումբը։

Ամէն բանէ առաջ, այս կարգադրութեան թիկունք կանգնելով կը ցուցնենք, որ կը սիրենք սրբութեան նկատմամբ Եհովային չափանիշը եւ կարեւորութիւն կու տանք Եհովային համբաւին (Ա. Պետ. 1։14-16)։ Նաեւ մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք վտարուած անհատին հանդէպ։ Զօրաւոր կրթութիւնը կրնայ «արդարութեան խաղաղարար պտուղը» բերել, հակառակ անոր որ ցաւ կը պատճառէ (Եբ. 12։5, 6, 11)։ Մենք Եհովային կրթութեան խառնուած կ’ըլլանք, եթէ ընկերակցինք մէկու մը հետ, որ վտարուած է կամ ժողովքին հետ իր ընկերակցութիւնը խզած է։ Յիշենք որ Եհովան իր ծառաները «չափաւորութեամբ» կը կրթէ (Եր. 30։11)։ Մենք յոյսով կ’ապրինք որ անհատը վերադառնայ մեր ողորմութիւն ունեցող Հօր։ Մինչ այդ, մենք Եհովային կրթութեան թիկունք կը կանգնինք եւ մեր հոգեւոր ռութինը կը պահենք (Եսա. 1։16-18. 55։7

ԴԻՏԷ ԱՄԲՈՂՋ ՍՐՏՈՎ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՂԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչ կը զգան, երբ իրենց զաւակը ձգէ Եհովան։

  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել ընտանիքին հաւատարիմ անդամներուն։

  • Սուրբ Գիրքին ո՞ր պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը աւելի կարեւոր է, քան՝ մեր ընտանիքին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութեան աւելի կարեւորութիւն տալ, քան՝ մեր ընտանիքին հանդէպ մեր հաւատարմութեան։