Եհովան մեր ընտանիքէն աւելի սիրենք
Երբ մեզի սիրելի եղող անձ մը վտարուի, Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը զօրաւոր փորձի կ’ենթարկուի։ Այն ցուցմունքը որ Եհովան Ահարոնին տուաւ՝ կէտ մը կը յստակացնէ բոլոր անոնց որոնք իրենց յարաբերութիւնը պէտք է կտրեն վտարուած ազգականի մը հետ։ Կէտը այս է. մեր սէրը պէտք է աւելի զօրաւոր ըլլայ Եհովայի՛ն հանդէպ, քան՝ անհաւատարիմ ազգականներու հանդէպ։
Վտարուածներուն նկատմամբ Եհովային ցուցմունքներուն հնազանդողները ի՞նչ օրհնութիւններ կրնան վայելել (Ա. Կոր. 5։11. Բ. Յովհ. 10, 11)։