Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 16-17

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Քաւութեան օրէն

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Քաւութեան օրէն

16։12-15

Քաւութեան օրը խունկի գործածութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

  • Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն ընդունելի աղօթքները խունկի կը նմանին (Սաղ. 141։2)։ Ճիշդ ինչպէս որ քահանայապետը խունկը խոր յարգանքով կը բերէր Եհովային, մենք ալ խոր յարգանքով Եհովային կը մօտենանք աղօթքով։

  • Քահանայապետը պէտք էր խունկ այրէր նախքան որ զոհերը մատուցանէր։ Նմանապէս, նախքան որ Յիսուս իր կեանքը զոհէր, պէտք էր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ուղղամիտ եւ հաւատարիմ ըլլար, որպէսզի Եհովան իր զոհը ընդունէր։

Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ որ իմ զոհերս ընդունելի են Եհովային։