Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կ’ուզե՞ս դիմել Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին

Կ’ուզե՞ս դիմել Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին

Տարիքդ 23–ի եւ 65–ի միջե՞ւ է եւ լիաժամ ծառայութեան մէ՞ջ ես։ Առողջութիւնդ լա՞ւ է։ Կրնա՞ս ծառայել ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Եթէ այս հարցումներուն «այո՛» պատասխանեցիր, կը մտածե՞ս դիմել Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին։ Անոր հիմնուելէն ի վեր հազարաւոր ամուսնացած զոյգեր, ամուրի եղբայրներ եւ ամուրի քոյրեր դիմած են ատոր։ Բայց պէտք կայ որ աւելի ամուրի եղբայրներ դիմեն։ Եհովային աղօթէ որ քու փափաքդ աւելցնէ իրեն աւելի ծառայելու եւ իր Որդին ընդօրինակելու (Սաղ. 40։8. Մատ. 20։28. Եբ. 10։7)։ Ետքը, մտածէ թէ պարտաւորութիւններ ունի՞ս, ինչպէս՝ ընտանեկան պարտականութիւններ, գործ կամ պարտք։ Եթէ այո, կրնա՞ս կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնել որպէսզի կարենաս դպրոցին դիմել։

Այս դպրոցը աւարտողներուն առջեւ ծառայութեան ի՞նչ դռներ բացուած են։ Ոմանք նշանակուեցան ծառայելու օտար լեզուներ գործածող շրջաններ, կամ ալ նշանակուեցան մասնակցելու մեծ քաղաքներու համար ծրագրուած հանրային վկայութեան։ Ոմանք ալ յետագային կը ծառայեն որպէս շրջանային տեսուչը փոխարինող, որպէս շրջանային տեսուչ կամ որպէս դաշտին մէջ միսիոնարներ։ Մինչ կը մտածես որ Եհովային ծառայութեան մէջ ինչ կրնաս ընել, կրնաս Եսայի մարգարէին կեցուածքը ունենալ, որ ըսաւ. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8

ԴԻՏԷ ԴԱՇՏԻ ՄԻՍԻՈՆԱՐՆԵՐԸ Կ’ՕԳՆԵՆ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Դաշտին մէջի միսիոնարները ինչպէ՞ս կ’ընտրուին։

  • Դաշտին մէջի միսիոնարները ի՞նչ լաւ գործ մը կ’ընեն։

  • Միսիոնարական ծառայութեան կարգ մը օրհնութիւնները ի՞նչ են։