Ներկայացումի նմոյշներ
ԶԱՐԹԻ՛Ր
Հարցում։ Ոմանք Յիսուսի գոյութեան վրայ կը կասկածին, մինչ ուրիշներ համոզուած են որ ան գոյութիւն ունէր։ Իսկ ոմանք կ’ըսեն թէ ատիկա չենք կրնար գիտնալ։ Ձեր կարծիքը ի՞նչ է։
Ներկայացում։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ ապացոյցները ի՛նչ ցոյց կու տան։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ
Հարցում։ Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է։
Համար։ Յովհ. 11։11-14
Ճշմարտութիւն։ Երբ մէկը մեռնի, անոր կեանքը վերջ կը գտնէ։ Անոր համար պէտք չունինք վախնալու անդի աշխարհէն։ Յիսուս մահը նմանցուց քունի։ Ինչպէս որ ան Ղազարոսը «արթնցուց», նոյնպէս մեր մահացած սիրելիները պիտի արթնցնէ, որ կարենան նորէն կեանքը վայելել երկրի վրայ (Յոբ 14։14)։
ԺՈՂՈՎՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀՐԱՒԻՐԱԳԻՐ
Ներկայացում։ Կ’ուզեմ ձեզ հրաւիրել Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած ձրի դասախօսութեան մը։ Անիկա պիտի տրուի Թագաւորութեան սրահի մը մէջ, որ մեր պաշտամունքի վայրն է։ [Ժողովքային հանդիպումներու հրաւիրագիրը ներկայացուր, շաբաթավերջի հանդիպումին ժամն ու վայրը ըսէ եւ հանրային դասախօսութեան բնաբանը նշէ։]
Հարցում։ Ասկէ առաջ Թագաւորութեան սրահ մը գացա՞ծ էք։ [Եթէ յարմար է, ցոյց տուր Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ տեսաերիզը։]
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։